2008-10-23 13:09:32

Կաթողիկէ եպիսկոպոսներու սիւնոդսը Ս. Գիրքին մասին` քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդին նախագահ կարտինալ Գասբերի գրաւոր միջամտութիւնը։


Կաթողիկէ եպիսկոպոսներու սիւնոդսը Ս. Գիրքին մասին` քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդին նախագահ կարտինալ Գասբերի գրաւոր միջամտութիւնը։

Մինչ սիւնոդոսական Հայրերը կը շարունակեն իրենց խմբային ժողովները բանաձեւելու վերջնական առաջարկները, որ շաբաթ օրը պիտի քուէրակուին սիւնոդոսական հայրերու կողմէ, կարտինալ Քասբեր` նախագահը քրիստոնեաներու միութեան քահայանապետական խորհուրդին հետեւեալ գրաւոր միջամտութիւնը կատարեց. հակառակ եկեղեցւոյ պատմութեան բաժանումի տխուր դէպքերուն, Աստուծոյ խօսքը մնաց բոլոր քրիստոնեներու համար միատեղ ժառանգութիւն։ Չկայ բան մը որ այնքան կը միացնէ Քրիստոսի բոլոր եկեղեցիները ու քրիստոնեայ հասարակութիւնները քան Ս. Գիրքը։ Արդարեւ Աստուծոյ խօսքը կը մնայ համամիութեան մեծագոյն կապը։ Եւ այս պատճառաւ Ս. Գիրքը հիմը կը կազմէ համամիութեան երկխօսութեան ու գլխաւոր միջոցը համամիութեան երկխօսութեան թէ՝ աստուածաբանական եւ թէ՝ հոգեւոր ու հովուական տեսանկիւնով։ Նման երկխօսութիւն մը, վերջին տասնամեակներուն, բազմաթիւ դրական պտուղներ տուաւ։ Որպէս քրիստոնեաներ գոհութիւն կը մատուցանենք Ս. Հոգւոյն ներգործութեան քրիստոնեաներու մօտեցումին համար։












All the contents on this site are copyrighted ©.